St. Leon Church "Sound of Children" Summer Camp Click Here to lean more
Յուլիս 10, 2025
Սրտի խոր կսկիծով կը սգանք Թէքսասի տարբեր շրջաններու մէջ տեղի ունեցած աւերիչ ողողումներուն պատճառած ողբերգական կորուստները, որոնք խլեցին առնուազն հարիւր մարդոց կեանքը, որոնց շարքին են Kerr գաւառին մէջ երեսուն վեց անմեղ երեխաներ։ Որպէս Առաջնորդ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի, վշտակից ու ցաւակից ենք ծնողներուն, որոնք բնական աղէտին պատճառով կորսնցուցին իրենց թանկագին զաւակները։ Որքան մեծ է ցաւը նոյնքն եւ աւելի մխիթարական ու ամոքիչ են Տիրոջ խօսքերը, որոնք կը զօրացնեն մեզ մեր հաւատքին մէջ եւ կը մխիթարեն սգաւոր սրտերը։ Սաղմոսագիրը կ՛ըսէ․- «Տէրը մօտիկ է սրտով բեկեալներուն եւ կը փրկէ վշտաբեկ հոգիները» (Սղ 34.18)։ Թող Քրիստոս Իր բազկատարած հայրական գորգուրոտ բազուկներու հովանու ներքոյ մխիթարէ բոլոր սգակիրները ճգնաժամի այս օրերուն։
Այս առթիւ մեր հաւատաւոր ժողովուրդի զաւակներուն կ՛ուզենք յայտնել, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմը համագործակցելով Ամերիկեան Կարմիր Խաչին հետ ստեղծած է մարդասիրական օգնութեան հիմնադրամ մը։ Մեր յորդորն է մեր ժողովուրդին զաւակներուն, աղօթքի եւ նիւթաբարոյական օժանդակաութեամբ նեցուկ կանգնիլ տուժածներուն եւ զոհերու պարագաներուն։ Վստահ ենք, որ Ձեր նիւթական ներդրումը մեծապէս պիտի ամոքէ սրտաբեկ հոգիները, որոնք կառչած մնալով կեանքին ու հաւատքին, աւերակներէն դուրս գալով պիտի վերակառուցեն իրենց կեանքերն ու բնակարանները եւ վերադառնան բնականոն կեանքին։ Կարեկցանքի եւ սիրոյ ոգիով մղուած որպէս քրիստոնեաներ կոչուած ենք միասնաբար կրելու միմեանց բեռը, ցաւն ու վիշտը։
Թող Աստուծոյ խաղաղութիւնը, որ կը յաղթահարէ բոլոր դժբախտութիւնները, հանգչի Թէքսասի ժողովուրդին եւ մանաւանդ զոհերու սգակիր հարազատներուն վրայ։ Թող Ամենողորմ Աստուած Յարուցեալ Փրկչի լոյսին ներքոյ յաւիտենական հանգիստ պարգեւէ անմեղ զոհերուն եւ բուժում՝ վիրաւորներուն։ Թող Քրիստոսի շնորհն ու սէրը առատօրէն յեղու բոլորին վրայ։
Օրհնութեամբ՝
Յովնան Արք. Տէրտէրեան
Առաջնորդ ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի