Միացեալ Աղօթք Հայաստանի եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Համար Միացեալ Աղօթք Հայաստանի եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Համար - Western Diocese of the Armenian Church

Contact Us: 818-558-7474

NEXT EVENT
07 July 2025

St. Leon Church "Sound of Children" Summer Camp Click Here to lean more

DEMIRGIAN SCHOLARSHIP

Միացեալ Աղօթք Հայաստանի եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Համար
Published - 3 July 2025

Կիրակի, Յունիս 29, 2025-ին, Հայց․ Առաքելական Եկեղեցւոյ ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի հոգեւոր առաջնորդութեամբ, Ս. Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարին մէջ կատարուեցաւ յատուկ աղօթք։ Աղօթքը նուիրուած էր Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնին՝ հայցելով Աստուծոյ երկնային պաշտպանութիւնը, խաղաղութիւնը եւ միութիւնը՝ Հայրենիքի եւ հայ ժողովուրդի հոգեւոր կեդրոնի համար։ Հարիւրաւոր հաւատացեալներ խոնարհութեամբ հաւաքուած էին Տաճարին մէջ՝ լի ակնածանքով եւ յոյսով, միանալով Առաջնորդ Սրբազանին իրենց աղօթքներով՝ հայ ազգի եւ Եկեղեցւոյ հզօրութեան, ապահովութեան եւ հոգեւոր ամրութեան համար։

Ստորեւ կը ներկայացնենք Առաջնորդ Սրբազանին խօսքն ու աղօթքի հրաւէրը։

Կոչ քայլելու հաւատքի, խաղաղութեան եւ սրբութեան ուղիով

Սիրելի հաւատացեալներ, սիրելի հայրենակիցներ,

Աղօթքը մեզ կը հրաւիրէ խաղաղութեան, համերաշխութեան եւ երկխօսութեան։ Այսօր մեր հայրենական կեանքի մէջ, աւելի քան բոլոր ժամանակներէն, պարտ ենք աղօթքի կեանքը դարձնել մեզ առաջնորդող ոգին ու նպատակը, խնդրելով Աստուծմէ, որ մեզ առաջնորդէ դէպի սրբութիւն։

Աստուծոյ կամօք կ՛ուղեւորուինք Ս. Էջմիածին՝ մայր հայրենիք, նշելու համար ,Համաշխարհային Հայ Եկեղեցասէր Երիտասարդութեան Միաւորումեի հիմնադրութեան 25-ամեակը՝ նշանաբան ունենալով ,Հայ Քրիստոնեայ ընտանիքը խարիսխն է մեր ինքնութեանե։

Սիրելի հաւատացեալ քոյրեր եւ եղբայրներ, բոլորիս համար դժուար այս օրերուն, եկէք միասնաբար Աստուծոյ առաջ աղօթենք․

Տէ՛ր Աստուած Ամենակալ, քու ողորմութեամբդ օրհնէ մեզ, մեր հայրենիքն ու Սուրբ Էջմիածինը, եւ հեռու պահէ մեզ ամէն փորձութենէ, ձախորդութիւններէն եւ վտանգներէն։

Հոգեւոր խաղաղութիւն պարգեւէ Հայոց ազգիս, ողջ ժողովուրդին մէջ յեղուր Քու սիրոյ եւ միաբանութեան շնորհը։ Տէ՛ր Աստուած մեր, ամէն ժամ զօրավիգ եւ օգնական եղիր մեր ազգին, օրհնութեամբ հարստացուր մեր կեանքերը եւ նուիրագործէ ու յաջողութիւն պարգեւէ մեր բարի ճիգերուն ու գործերուն։

Ամենողորմ Աստուած, շնորհէ մեր ազգի զաւակաց բարեպաշտութիւն, միմեանց հանդէպ սէր, ողորմութիւն եւ գթութիւն։ Հեռացուր եւ վանէ ատելութիւնն ու թշնամանքը մեր միջէն։ Լուսաւրէ բոլորին միտքն ու հոգին մեր նախնեաց հաւատքի տեսլականով։

Ով Տէր, ցոյց տուր մեզի խաղաղութեան ճանապարհը, որպէսզի երկնային խաղաղութեան առջեւ ծնկաչոք փնտռենք մեր կեանքի մէջ ներքին անդորրութիւնը, հոգեւոր լռութիւնը եւ կատարեալ խաղաղութիւնը։

Թող մեր աղօթքները անուշաբոյր խունկի նման բարձրանան առ Քեզ, Տէ՛ր, որպէսզի առանձնակի խոկումի եւ խորհրդաւոր լռութեան մէջ տեսնենք ու լսենք Քու ձայնդ եւ հասնինք կատարեալ սրբութեան։

Փառք, պատիւ եւ երկրպագութիւն անբաժանելի եւ միասնական Սուրբ Երրորդութեանդ, այժմ եւ յաւիտեանս յաւիտենից։ Ամէն։

Print