St. Leon Church "Sound of Children" Summer Camp Click Here to lean more
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Պատգամաւորական 98-րդ ժողովի նախորդող օր, Հինգշաբթի Մայիս 1-ի յետմիջօրէին, նախագահութեամբ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արք. Տէրտէրեանին եւ հիւրընկալութեամբ Անապատի Սուրբ Կարապետ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ, գումարուեցաւ Թեմի Հոգեւորականաց Ժողովը մասնակցութեամբ Թեմի հոգեւորականաց դասուն: Բացման աղօթքին սկիզբը Սրբազան Հօր առաջնորդութեամբ «հոգւոց» կարդացուեցաւ Արեւմտեան Թեմի հոգելոյս Առաջնորդներու եւ հոգեւորականներու յիշատակին։ Սրբազան Հայրը ապա իր խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց Նոր Կիրակիի ճաշու Աւետարանէն քաղուած հետեւեալ հատուածին շուրջ․- «Եղեւ այր մի առաքեալ յԱստուծոյ, անուն նմա Յովհաննէս: Սա եկն ի վկայութիւն, զի վկայեսցէ վասն Լուսոյն, զի ամենեքին հաւատասցեն նովաւ: Ոչ էր նա Լոյսն, այլ զի վկայեսցէ վասն Լուսոյն» (Յհ 1:5)։ Սրբազանը ըսաւ, որ «որպէս հոգեւորականներ, Յովհաննէս Մկրտիչի կեանքը մեզի մտածել կու տայ մեր քահանայական կոչումի մասին, որ մեր ծառայական կեանքի ընթացքին որպէս ընտրեալները Աստուծոյ պարտինք մենք եւս վկայութիւն տալ Տիրոջ եւ Փրկչին Յիսուս Քրիստոսի մասին»։ Սրբազանը աւելցուց, որ քահանայական ուխտն ու կոչումը մեզ կը պարտաւորեցնեն Եկեղեցւոյ ծառայութեան քաղցր լուծը վերցնելու եւ մեր հոգեմտաւոր կեանքին առանցքը Քրիստոսը դարձնելու։
Քահանայական ձեռնադրոթեան ու օծման մասին խօսելով Սրբազանը շեշտեց, որ հոգեւորականները հիմնական կոչում մը ունին, որն է վկայութիւն տալ Քրիստոսի մասին, հաւատացեալ ժողովուրդը առաջնորդելով աղօթական կեանքի, եւ հրաւիրեց բոլորը առօրեայ ծառայութիւններու ընթացքին եւ զուգահեռաբար բազմաթիւ պարտականութեանց, իրենց կեանքի հիմնական ու գլխաւոր առաքելութիւնը դարձնել Աստուծոյ Խօսքի քարոզութիւնը, Աւետարանէն ճառագայթող պատգամներով լուսաւորելու մարդկանց հոգիները։ «Մեր աղօթահաւաքը կը միտի մեր հոգեւոր կեանքին մէջ հաստատուն պահել արթնութիւնն ու զգօնութիւնը։ Բոլորս ալ սպասաւորներն ենք Քրիստոսի Եկեղեցւոյ եւ անկասկած մեր ծառայական կեանքը պիտի դարձնենք վկայութիւն՝ Քրիստոսի անձին մասին» ընդգծեց Սրբազանը, յորդորելով լսել Աստուծոյ կանչը, ականջ տալ Անոր ուսուցումներուն, զօրանալ Անոր իմաստութեամբ եւ հաւատքով ու նուիրումով կատարել մեզի վստահուած Աստուածահաճոյ առաքելութիւնը, Ամենակալի փառքին ու Մայրենի մեր Եկեղեցւոյ պայծառութեան ի խնդիր։
Սրբազանը իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ «մեր կոչումն է ծառայել Աստուծոյ եւ մեր հաւատաւոր ժողովուրդին սիրով ու խոնարհութեամբ, որպէս լաւագոյն ճանապարհը իմաստաւորուած կեանքին»: Ան շեշտեց, որ «միասին աղօթելու գլխաւոր նպատակն է իրարմով զօրանալ, լսել մէկզմիւսին եւ հաստատ մնալ դէպի Աստուած առաջնորդող ճանապարհին մէջ»: Սրբազանը մաղթեց, որ Հոգեւորականաց Ժողովը «առիթ մը եւս հանդիսանայ, որ մենք զմեզ զգանք Վերնատան մէջ եւ ակնդէտ սպասենք, որ Սուրբ Հոգին լուսաւորէ մեր ողջ էութիւնը աստուածային պարգեւներով, որպէսզի հաւատքի իմաստութեամբ կատարենք ինքնաքննութիւն եւ ապա խոստում, դէպի՝ ծառայութեան»: Եւ որովհետեւ Առաջնորդարանի եւ անոր բոլոր ծուխերու ծառայութեան կիզակէտը կը մնայ մեր ազգի զաւակները, Սրբազանը ըսաւ, որ « դաշտ վերադառնալու հոգեպէս առաւել ամրացած պիտի լծուինք հաւատաւոր մեր ժողովուրդին քարոզել Աստուծոյ խօսքը՝ Քրիստոսի կեանքին մէջ բացուած»:
Ապա գլխաւորութեամբ Տէր Աւետիս Քահանայ Աբովեանի եւ մասնակցութեամբ Տէր Վազգէն Աւագ Քահանայ Պոյաճեանի եւ Գէորգ Սարկաւագ Գէորգեանի կատարուեցան ներկայացումներ եւ բաց քննարկումներ հետեւեալ թեմաներուն շուրջ․-
Reintroducing discipleship into the missions of our parishes.
Reshaping parish development: Spirituality-centered planning.
Preparing parish family newcomers.
Individual and group prayers are ways to connect with families.
Սրբազան Հայրը իր փակման խօսքին մէջ գնահատեց Տէր Աւետիս Քահանայ Աբովեանի գլխաւորութեամբ կազմակերպուած բաց քննարկումները, վեր առաւ Թեմի հոգեւոր հովիւներու նուիրական առաքելութիւնը, եւ լուսարձակի առնուած թեմաներու լոյսի տակ բեղուն ծառայութիւն մաղթեց բոլորին։,
Յիշենք, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Հոգեւորականաց Ժողովին յաջորդ օրը, դարձեալ Անապատի Սուրբ Կարապետ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ հիւրընկալութեամբ եւ Սրբազան Հօր նախագահութեամբ գումարուեցաւ Թեմի Պատգամաւորական 98-րդ ժողովը:
Դիւան Առաջնորդարանի
Մայիս 6, 2025