ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 110-ՐԴ ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԹԻՒ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ԱՂՕԹՔ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԹԵՄԻ ՍՐԲՈՑ ՂԵՒՈՆԴԵԱՆՑ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻՆ ՄԷՋ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 110-ՐԴ ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԹԻՒ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ԱՂՕԹՔ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԹԵՄԻ ՍՐԲՈՑ ՂԵՒՈՆԴԵԱՆՑ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻՆ ՄԷՋ- Western Diocese of the Armenian Church

Contact Us: 818-558-7474

NEXT EVENT
26 April 2025

St. Leon Church "Sound of Children" Summer Camp Click Here to lean more

DEMIRGIAN SCHOLARSHIP

ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 110-ՐԴ ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԹԻՒ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ԱՂՕԹՔ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԹԵՄԻ ՍՐԲՈՑ ՂԵՒՈՆԴԵԱՆՑ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻՆ ՄԷՋ
Published - 25 April 2025

Հայոց Ցեղասպանութեան 110-րդ ամեակին առիթով, Չորեքշաբթի Ապրիլ 23-ին, երեկոյեան ժամը 6-ին, հանդիսապետութեամբ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արք. Տէրտէրեանի, Սուրբ եւ անմահ Պատարագ եւ Բարեխօսական Կարգ կատարուեցաւ Թեմի Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարին մէջ: Սուրբ Պատարագը մատուցեց Գերշ. Տէր Գեղամ Արք. Խաչերեանը: Սրբազան Հօր առընթերականերն էին՝ Գերպ. Տէր Զարեհ Ծ. Վրդ. Սարգիսեանը եւ Հոգշ. Տէր Երմիա Վրդ. Աբգարեանը: Օրուայ պատգամը փոխանցեց Գերշ. Տէր Յովնան Արք. Տէրտէրեանը: Սուրբ Պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց Մայր Տաճարի «Շնորհալի» երգչախումբը։

Սուրբ Պատարագին աղօթակցութեամբ իրենց մասնակցութիւնը բերին Հիւսիսային Ամերիկայի եւ Գանատայի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ՝ Արհիապատիւ Տէր Միքայէլ Եպս. Մուրատեանը, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական միութեան Հովիւ՝ Վեր. Հենրիկ Շահնազարեանը եւ Արեւմտեան Թեմի հոգեւորակաները: Սուրբ Պատարագին ներկայ գտնուեցան Լոս Անճելըսի Եպիսկոպոսական Եկեղեցւոյ Առաջնորդ Ճոն Եպս․Թէյլըրը, Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Լոս Անճելըսի Թեմի Առաջնորդի Օգնական Ալպերթ Եպս․Պահոթը, Ասորի Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Լոս Անճելըսի Միջեկեղեցական Գրասենեակի տնօրէն Հայր Ալէքսի Սմիթը, Լոս Անճելըսի Ասորի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Առաջնորդ Էօժէնէ Արք․ Քափլանի ներկայացուցիչ Հայր Կապրիէլ Հաննան, Լոս Անճելըսի Քրիստոսի Միացեալ Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ Վերապատուելի Սալի Ուելջը եւ Լոս Անճելըսի Աւետարանական Լուտերական Եկեղեցիէն Վերապատուելի Տէյվիտ Պերքէտալը։

Եկեղեցական հոգեպարար արարողութեան ներկայ գտնուեցան նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան Լոս Անճելըսի Գլխաւոր Հիւպատոս  Տիար Կարէն Իսրայէլեանը, Կլէյնտըլի քաղաքապետ Տիար Արա Նաճարեանը, Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Մոնիքա Ռոտրիկէզը, Թեմական Խորհուրդի անդամներ՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Տիար Վարդան Նազիրեանի, Փոխ Ատենապետ Տիար Տէրիք Ղուկասեանը,  համայքային, մշակութային, բարեսիրական, կրթական եւ մարզական միութիւններու ներկայացուցիչներ, Թեմական յարակից մարմիններու ներկայացուցիչներ եւ հաւատացեալներու բազմութիւն մը: Ուրախութիւն էր տեսնել Լոս Անճելըսի Հ․Բ․Ը․Մ․ սկաուտներու ներկայութիւնը, որոնք Առաջնորդարանի շրջափակին մէջ զետեղուած յուշարձանին առջեւ իրենց ուխտը կատարելէ ետք մուտ գործեցին Մայր Տաճար եւ յարգանքի իրենց տուրքը մատուցեցին մեր նահատակ սուրբերուն։

Իր քարոզին մէջ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Յովնան Արք. Տէրտէրեան ըսաւ.- «Բոլորս ի մի հաւաքող աղօթական այս նուիրական պահուն ուխտ կը կատարենք հաւատարիմ մնալ Աստուածապարգեւ հոգեւոր ու ազգային յաւերժական արժէքներուն նկատմամբ, այն խոր համոզումով, որ մարդկութեան պատմութեան մէջ անջնջելի պիտի մնայ 20-րդ դարու սկիզբին Օսմանեան կայսրութեան կողմէ կանխամտածուած  ու կազմակերպուած առաջին ցեղասպանութիւնը, որուն զոհ գացին մէկուկէս միլիոն հայեր, այն գիտակցութեամբ ու հաւատքով, որ գալիք սերունդները արթուն պիտի պահեն իրենց հոգիներուն մէջ հողին տեսիլքը, հայրենական սէրն ու հայու արեան մէջ արդարութեան կանչ դարձած քրիստոնէական հաւատքը»: Սրբազան Հայրը նկատել տուաւ, որ Հայոց Ցեղասպանութեան 100 ամեակը հիմնաքարը  դարձաւ պահանջատարութեան մեր յոյսին, երբ մեր անմեղ նահատակները սրբադասուեցան: «100 ամեակէն անցած են արդէն տաս տարիներ, եւ հետեւաբար պարտ ենք այսօրուայ Սուրբ Պատարագով մեր էութեան խորքին ամրագրելու վասն հաւատոյ եւ վասն հայրենեաց յարատեւելու մեր կամքը՝ ի գին ամէն զոհողութեան» շեշտեց Սրբազանը: 

Անդրադառնալով Հայոց ցեղասպանութեան 110-րդ տարեդարձի նշման, Սրբազանը զայն համարեց բացառիկ հրաւէր հետեւեալ գործնական քայլերով ոգեկոչելու յիշատակը մեր նահատակ սուրբերուն:  Առաջին, մասնայատուկ կերպով մեր հաւաքական երթին ներգրաւելու երիտասարդութիւնը, որպէսզի անխախտ պահեն հաւատքը քրիստոնէական, եւ հայրենական տեսիլքով հաղորդուին  մեր պատմութեան խորքերէն եկող եւ գերագոյն զոհողութիւններով լուսազարդուած մեր անմահացած հերոսներուն հետ:  Երկրորդ, Հայոց Պատմութիւնը ջամբելու մեր նոր սերունդի զաւակներուն, որպէս արմատ մեր էութեան, լաւագոյնս գնահատելու ի մասնաւորի նահատակ սուրբերու արեան գինը եւ հաւատարիմ մնալու անոնց կտակին, խոյանքներուն եւ ժառանգութեանց: Երրորդ, ապագայ սերունդներուն  մէջ խորացնելու ուսման գիտակցութիւնը, գիտութեան մէջ արձանագրելու բարձրագոյն մակարդակներ եւ ընկերային եւ քաղաքական դաշտերուն մէջ ձեռք բերելու առաջատար դիրքեր,  արդիական նորարարական ծրագիրներով զինելու նորահաս սերունդները կատարեալին հասնելու ձգտումով:  Չորրորդ, ապահովագրել միասնութեան ոգիին, մէկզմիւսին խոնարհելու բոլորանուէր սիրով, հայրենիքն ու հաւատքը դարձնելու մեր կենսակերպին ժայռը, հիմք ունենալով հայ քրիստոնեայ ընտանիքը՝ որպէս գրաւականը յաղթանակուած կեանքին:

Իր քարոզին մէջ Սրբազանը ընդգծեց, որ Հայոց Ցեղասպանութեան 110-րդ ամեակի ոգեկոչումը կ՛իմաստաւորուի երբ կը մերժենք անտարբերութիւնը եւ մեր հայեցքին կիզակէտը կը դարձնենք Յարութեան շունչով ապրուած կեանքը:    

Վերջապէս, Առաջնորդ Սրբազանը դիտել տուաւ, որ միասնական աղօթքը հրաշալի առիթ մը կը հանդիսանայ դարաւոր մեր հաւատքի ուխտը եւ հայրենիքի հանդէպ մեր անվերապահ սէրը վերանորոգելու: Սրբազանը իր քարոզը փակեց հետեւեալ բառերով.- «Մեր հոգեւոր առաքելութեան խարիսխը Քրիստոսի Աւետարանն է: Առաքեալը կ՛ըսէ.- «Զի ինձ կեանք Քրիստոս է»:  (Փիլիպ. 1:21): Իսկ մեր ազգի տունը, մեր ազգային առաքելութեան ոգին Մայր Հայաստանն է: Եւ այսօր, 110-րդ ամեակը սրբոց նահատակաց համընդհամուր հայութեան հետեւեալը կը պատգամէ.-  Հայաստանը մեզ կը կանչէ, ապրինք Հայաստանով, եւ եկեղեցին ու դպրոցը դարձնենք մանրակերտն ու կամուրջը սփիւռքը Հայաստանին կապող:  Մեր նահատակները մեր կեանքին մէջ կ՛ապրին ոչ իբրեւ անցեալի յիշողութիւն, այլ` իբրեւ ուղեցոյց եւ առաջնորդութիւն մեր ապագային: Անոնք նպատակն են մեր անհատական կեանքին ու հաւաքական գոյերթին, այսօր եւ յաւիտեանս. ամէն»:

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան 110-րդ ամեակին նուիրուած Սուրբ Պատարագի ընթացքին տեղի ունեցաւ Սրբոց Նահատակաց Բարեխօսական Կարգը մասնակցութեամբ Գերաշնորհ Տէր Յովնան Արք. Տէրտէրեանին, Գերաշնորհ Տէր Գեղամ Արք. Խաչերեանին, Արհիապատիւ Տէր Միքայէլ Եպս. Մուրատեանին, Վերապատուելի Հենրիկ Շահնազարեանին եւ Արեւմտեան Թեմի հոգեւորականերուն: 

Հայոց Ցեղասպանութեան 110-րդ ամեակի Սուրբ Պատարագն ու Բարեխօսական կարգը առիթ մը հանդիսացան վերանորոգելու մեր ուխտն ու պահանջատիրութիւնը, ապրիլեան նահատակներու բարեխօսութեամբ մեր դատին արդար լուծումը վստահելու Աստուծոյ, մեր կեանքին մէջ առաջնահերթ դարձնելով քրիստոնէական ու ազգակերտ արժէքներու պահպանութիւնը, հայութեան յարութեան տեսլականով առաջնորդուած: 

25 Ապրիլ, 2025

Դիւան Առաջնորդարանի

Print