ԳԱԼՍՏԵԱՆ ԿԻՐԱԿԻ ԳԱԼՍՏԵԱՆ ԿԻՐԱԿԻ- Western Diocese of the Armenian Church

Contact Us: 818-558-7474

NEXT EVENT
12 April 2025
DEMIRGIAN SCHOLARSHIP

ԳԱԼՍՏԵԱՆ ԿԻՐԱԿԻ
Published - 31 March 2025

Մեծ Պահքի վեցերորդ կիրակին մեր մէջ կը խորացնէ այն հաւատքը, որով եւ կարող պիտի ըլլանք ընդունելու Քրիստոսի Աստուածութիւնը որպէս Երկրորդ Ադամ, ի տարբերութիւն առաջին  Ադամին,  որ  ապրեցաւ  անհնազանդ  կեանքով  եւ  արտաքսուեցաւ  դրախտային  կեանքէն: Քրիստոս, Երկրորդ Ադամը, երկինքէն իջաւ, որպէս Աստուածորդի, որպէսզի մեղաւոր մարդուն կեանքը նորոգէր եւ բարձրացնէր առ Աստուած։ Ահա այս իսկ է Աստուծոյ սիրոյն արտացոլումը մարդկութեան համար։  

Print