Լոսանճելըսեան հրդեհներուն պատճառով, Յունուարին կայանալիք Արամ Սեփեթճեանի յիշատակի միջոցառումը, տեղի ունեցաւ Մարտ 20-ի երեկոյեան, Արեւմտեան թեմի Առաջնորդարանի «Արմէն Համբար» սրահին մէջ, Պըրպենք: Հանդիսութիւնը կազմակերպուած էր Առաջնորդարանի «Զուարթնոց» մշակութային յանձնախումբին եւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին կողմէ:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ «Զուարթնոց» յանձնախումբի ատենապետ եւ օրուան հանդիսավար Տոքթոր Սիմոն Սիմոնեան, ներկայացնելով Սեփեթճեան լիբանանահայ գրողը, խմբագիրը, հրապարակագիրն ու հրապարակախօսը:
Բրշ. Յովհաննէս Սրկ. Գումրուեան ընթերցեց «Սփիւռք» Գիտաուսումնական կեդրոնի տնօրէն՝ Դոկտոր Սուրէն Դանիէլեանի վկայութիւնները Արամ Սեփեթճեան արձակագիրին մասին, գրուած այս առիթով: Դանիէլեան գրականագէտը այն քիչերէն է, որ հայրենիքի մէջ ներկայիս քաջածանօթ է սփիւռքահայ ժամանակակից գրականութեան: Անոր խօսքը մեծապէս տպաւորեց հանդիսականները: Իսկ ՀԲԸՄ-ի Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի շրջանաւարտ դասարանի աշակերտ Միհրան Մօզեան ընթերցեց հատուած մը «Ես սեւ եմ... բայց գեղեցիկ» վիպակի նախերգանքէն, արժանանալով ներկաներուն բարձր գնահատականին: Երիտասարդ դաշնակահարուհի Նանօր Տէր Պետրոսեանի մատներու սահուն շարժումները մշակութասէր հանրութիւնը տարին հայ հին աշխարհ՝ Կոմիտաս-Սարաճեանի «Հաբրբան»ի հնչիւններուն տակ:
Գլխաւոր երկու բանախօսներն էին Երեւանի Պետական Համալսարանէն շրջանաւարտ մտաւորական երկու անձնաւորութիւններ՝ Տիկին Լիլիթ Քէհէեանը եւ մեծարեալին որդին՝ Պրն. Հրաչ Սեփեթճեան:
Քէհէեան, իր գեղահիւս հայերէնով, ներկայացուց Արամ Սեփեթճեան արձակագիրը: «Անլոյս գիշերներ», «Կեանքի կարօտով», «Ողջակէզ», «Ես սեւ եմ... բայց գեղեցիկ» եւ «Հող եւ մորմոք» օրագրութիւններու, կարճ պատմուածքներու եւ վիպակներու ընդմէջէն, Քէհէեան քաղած էր գլխաւորը՝ սփիւռքահայու տառապանքը, տուայտանքը, ապրելու, արարելու, գոյատեւելու որպէս մարդ եւ որպէս հայ, աշխարհատարած տարբեր երկինքներու տակ: Սեփեթճեանի բոլոր հերոսները «նոյն լեզուն» կը խօսին, տարբեր պայմաններու տակ, տարբեր իրավիճակներու մէջ. այդ լեզուն վերապրողի լեզուն է, որ յարգելի բանախօսը ճշդօրէն բնութագրեց: Լիլիթ Քէհէեան անդրադարձաւ նաեւ Արամ Սեփեթճեանի լեզուական ու ոճական առանձնայատկութիւններուն, խնամուած հայերէնին: Ան յաջողեցաւ Արամ Սեփեթճեան գրողը ներկայացնել ամփոփ ու խիտ տողերու մէջ:
Հրաչ Սեփեթճեան ներկայացուց Սեփեթճեան հրապարակագիրը: Անդրադարձաւ հիմնականին մէջ «Անի», «Շիրակ», «Խօսնակ», «Կամար» եւ «Զարթօնք» լիբանանահայ մամուլին մէջ տարածուած Արամ Սեփեթճեանի գրախօսականներուն, ազգային-գաղափարախօսական յօդուածներուն, հրապարակագրական ելոյթներուն, որոնք վերջին տասնամեակին ամփոփուած էին «Ժամանակայոյզ խոհեր», «Բանաստեղծութիւնը տագնապին ընդմէջէն», «Գրական հանդիպումներ» եւ «Ձայներ լռութեան մէջ» հատորներուն մէջ:
Արամ Սեփեթճեանի տիկնոջ՝ Մելինէ Սեփեթճեանի սրտի ու շնորհակալական խօսքը ընթերցեց ՀԲԸՄ-ի Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի հայոց լեզուի ուսուցչուհի՝ Տիկին Մարալ Ոսկեան:
Ապա, փակման խօսքը կատարեց Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան արքեպիսկոպոս Տէրտէրեան: Ան անդրադարձաւ Արամ Սեփեթճեան բարեկամին, գրողին, սփիւռքահայ մարդուն՝ արժանին փոխանցելով անոր յիշատակին:
Այս հանդիսութեան առիթով իրենց վկայութիւնները ուղարկած էին մտաւորականներ՝ տիկին Ազատուհի Գալայճեան-Սիմոնեանը՝ Տուպայէն եւ Դոկտոր Զաւէն Մսըրլեանը՝ Պէյրութէն. այդ խօսքերը տպագրուած էին յայտագիր-թերթիկին մէջ, մեծարեալին կենսագրութեան կողքին: Մինչ հանդիսութիւնը սկսիլը, ներկաները առիթը ունեցած էին դիտելու Արամ Սեփեթճեանի կեանքէն առնուած լուսանկարներ, մեծ պաստառի վրայ:
Շնորհակալութիւն գրական այս երեկոն կազմակերպած զոյգ մարմիններուն, մանաւանդ Պրն. Արա Պապայեանին, որուն կը պարտինք օրուան յաջող ընթացքը: