Տնտեսի Կիրակի Տնտեսի Կիրակի- Western Diocese of the Armenian Church

Contact Us: 818-558-7474

NEXT EVENT
15 May 2025

St. Leon Church "Sound of Children" Summer Camp Click Here to lean more

DEMIRGIAN SCHOLARSHIP

Տնտեսի Կիրակի
Published - 18 March 2025

Մարդուն կեանքը Աստուծոյ կողմէ տրուած պարգեւ մըն է, որ տնտեսելու պարտականութիւնը ունինք։ Եւ որպէսզի իւրաքանչիւրիս կեանքը աննպատակ ընթացք չորդեգրէ, ապա Աստուած կը միջամտէ մարդկութեան կեանքին մէջ, որպէսզի րի Միածին Որդու պատարագումովը վերստին մարդկութեան պարգեւէ հոգեւոր նոր ուժականութիւն մը։

Քրիստոսի կողմէ պատմուած առակներէն՝ Անիրաւ Տնտեսի առակը շատ յաճախ սխալ կ’ըմբռնուի, որովհետեւ երբ առակին մէջ կ’ըսուի թէ «Տերը գովեց անիրաւ տնտեսը», ոմանք կը մոռնան Տիրոջ ակնարկը կը վերաբերի անիրաւ տնտեսին անձին անդրադառձումին։ Անիրաւ Տնտեսը իր սխալ ընթացքին անդրադարձը ունեցաւ, որուն համար անոր առիթը տրուեցաւ ինքզինք վերահաստատելու իր նախկին պաշտօնին մէջ։ Բոլորիս կեանքին մէջ կամայ թէ ակամայ մարդկայնօրէն կ’արձանագրուին թերացումներ։ Ամենէն էականը մեր անդրադարձումն է կատարուած թերացումին եւ ապա արբագրութիւնը մեր ընթացքին։ Որովհետեւ Աստուած ներողամիտ Աստուած է եւ կը ցանկայ Իր զաւակներուն վերադարձը։ Մեծ Պահքի հոգեւոր ճանապարհորդութեան ընթացքին բոլորս ալ մենք մեզի ուղղենք նոյն հարցումը, թէ ինչքանով կարգապահ տնտեսներ ենք մեզի վստահուած պարտականութեանց մէջ։ Եթէ կան թերացումներ, ապա Մեծ Պահքը սրբագրութեան առիթը կ’ընծայէ մեզի:

Print