ԲԱՐՁՐԱՇՆՈՐՀ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ԲԱՐԵՐԱՐ ԱՐԻՍ ՍՏԱՄՊՈՒԼԵԱՆԸ ԱՐԺԱՆԱՑՈՒՑ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԹԵՄԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ ՆՈՒԻՐԱՏՈՒՆԵՐՈՒ ՇԱՐՔԻ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՊԱՏԻՒԻՆ ԲԱՐՁՐԱՇՆՈՐՀ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ԲԱՐԵՐԱՐ ԱՐԻՍ ՍՏԱՄՊՈՒԼԵԱՆԸ ԱՐԺԱՆԱՑՈՒՑ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԹԵՄԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ ՆՈՒԻՐԱՏՈՒՆԵՐՈՒ ՇԱՐՔԻ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՊԱՏԻՒԻՆ- Western Diocese of the Armenian Church

Contact Us: 818-558-7474

NEXT EVENT
24 February 2025
ԲԱՐՁՐԱՇՆՈՐՀ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ԲԱՐԵՐԱՐ ԱՐԻՍ ՍՏԱՄՊՈՒԼԵԱՆԸ ԱՐԺԱՆԱՑՈՒՑ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԹԵՄԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ ՆՈՒԻՐԱՏՈՒՆԵՐՈՒ ՇԱՐՔԻ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՊԱՏԻՒԻՆ
Published - 14 February 2025

Այսու գրութեամբ կու գանք հաղորդելու, թէ՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Սրբ. Արք. Տէրտէրեան, Ուրբաթ 7 Փետրուարին Առաջնորդարանէն ներս հիւրընկալեց բարերար Տէր եւ Տիկին Արիս եւ Անժէլա Ստամպուլեանները: 

Քոստա Մեսայի Սուրբ Մարիամ Աստուածածին Հայաստնեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ կից կառուցուած «Արիս Ստամպուլեան» նոր սրահին բացման առիթով Բարեջան Առաջնորդը անգամ մը եւս բարձր գնահատեց Ստամպուլեան ընտանիքը իր իշխանական բարերարութեան համար, եւ Մեծարգոյ Արիս Ստամպուլեանը դասեց Առաջնորդարանի նուիրատուներու շաքի բարձրագոյն պատիւին, Pillars of the Western Diocese.

Սրբազան Հարը այս առթիւ յայտնեց, թէ՝ Տէր եւ Տիկին Արիս եւ Անժէլա Ստամպուլեաններու բարերարութեամբ Քոստա Մեսայի Սուրբ Մարիամ Աստուածածին Եկեղեցւոյ յարակից կեդրոնի բացումը նոր ուժ եւ նոր կեանք պիտի պարգեւէ համայնքի բոլոր զաւակներուն: Ան աղօթեց, որ Աստուած վարձահատոյց ընէ բարերարները, առատօրէն օրհնէ անոնց ընտանիքը եւ կատարեալ առողջութիւն եւ երջանկութիւն պարգեւէ անոնց:

Դիւան Առաջնորդարանի 

13 Փետրուար, 2025 

Print