Քրիստոսի ծնունդէն քառասուն օրեր անց Անոր ծնողները մանուկ Յիսուսը տաճար կը բերեն Աստուծոյ Սուրբ Խորանին ընծայման: Այս պատկերը կը ներշնչէ բոլորս եւ Անոր հետեւողականութեամբ դուք նաեւ սիրելի հայ ծնողներ Ձեր մանուկները իրենց քառասնօրեայ ծնունդէն յետոյ եկեղեցի կը բերէք Աստուծոյ Սուրբ Խորանին ընծայման:
Ինչպէ՞ս բացատրել այս պարզ քայլը, որ ոչ միայն բարեպաշտական արտայայտութիւն մըն է, այլեւ խոստում մը ծնողներուն կողմէ, որ աճող մանուկին քայլերը պիտի առաջնորդեն Աստուծոյ:
Մեր առաջին պատգամն է, որ այս սրբազան աւանդութիւնը մնայ անխախտ մեր ազգի կեանքին մէջ: Աւանդութիւն մը, որ հարիւրաւոր տարիներու սրբութիւն կը կրէ իր մէջ եւ մեզ կ՛առաջնորդէ առ Աստուած:
Տեառնընդառաջը ունի նաեւ երկրորդ պատգամ մը ուղղեալ հաւատացեալներուն, որ Ձեր կեանքի իւրաքանչիւր օրը վերածէք Սուրբ Խորանին ընծայումի օր, որովհետեւ բարեպաշտական այս արտայայտութեամբ մեր կեանքը կը դարձնենք դէպի Աստուած առաջնորդող ճանապարհ:
Տեառնընդառաջի մեր երրորդ պատգամն է, որ նորապսակ զոյգեր, նոր նշանուածներ եկեղեցի յաճախելով հաւատարմութեան ուխտ կատարէք Աստուծոյ հանդէպ: Այս ուխտն է, որ Ձեր սրտերուն ու հոգիներուն մէջ ծրարած, լոյսը կը դառնայ Ձեր ընտանիքներուն:
Մեր աղօթքն ու մաղթանքն առ Աստուած կը վերառաքենք, որ այսօրն ու ամէն օր մեր կեանքի ընթացքը դառնայ տեառնընդառաջ: Քանզի Աստուծոյ հետ կապուած կեանքը սուրբ է եւ Աստուծոյ ներկայութեան մէջ ըլլալով մեզ հեռու կը պահենք օտար խորհուրդներէ, որոնք մեր հոգին կը սպաննեն:
Միասին աղօթենք Աստուծոյ, որպէսզի Անոր հովանիին ներքոյ դառնանք մաքուր ե՛ւ անձնապէս ե՛ւ հաւաքականօրէն՝ որպէս ընտանիք ընծայուած Աստուծոյ փառքին:
Տեառնընդառաջի օրուան խորհուրդով մենք մեզ պիտի պատրաստենք Մեծ Պահքի հոգեւոր ճանապարհորդութեան, որպէսզի աղօթքով, խոստովանութեամբ, հոգով ու սրտով մաքրուած, դառնանք ճանապարհակից Քրիստոսի, ու հոգեւոր վայելքն ունենանք Յարութեան հրաշալի խորհուրդին: Ամէն:
Օրհնութեամբ՝
Յովնան Արք. Տէրտէրեան
Առաջնորդ՝
ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի
Տեառնընդառաջ, 2025