Նախագահութեամբ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արբ. Արք. Տէրտէրեանի, Հինգշաբթի 30 Յունուարի Երեկոյեան Առաջնորդարանէն ներս տեղի ունեցաւ Տիար Պետրոս Անսըրեանի «Առանց պայուսակի դիւանագէտը» (Diplomat Without Portfolio) (Newman Springs հրատարակչութիւն, Լոս Անճելոս, 31 յուլիս 2024) գիրքի գինեձօնը:
Հանդիսութիւնը վարեց Բժիշկ Գրիգոր Սիմոնեան, որ իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ «Առանց պայուսակի դիւանագէտը» (Diplomat Without Portfolio) գիրքի հրատարակութեան կարեւորութեան: Այնուհետեւ, Անի Եփրեմեան հանդէս եկաւ արտասանութեամբ, որուն յաջորդեց երաժշտական կտորներու ներկայացում մասնակցութեամբ Daniel Eitan-ի եւ Sam Cooper-ի: Ապա իրաւաբան Ռուբէն Աւշարեան ներկայացուց գիրքին ենթավերնագրերու բովանդակութիւնը: Ան Անդրադարձաւ գիրքին մէջ տեղ գտած Լիբանանի պատերազմին հետեւանքով սարսափելի դէպքերուն ու գաղթին, մանաւանդ լուսարձակի տակ առնելով 1983 Ապրիլ 18-ին Պէյրութի Ամերիկեան դեսպանատան պայթումի հոլովոյթներն ու իրարայաջորդ պատմական դէպքերը: Պայթումին զոհ գացին վաթսուն մարդիկ, որոնցմէ տասնըութն Ամերիկացի բարձրաստիճան դիւանագէտներ էին: Ահռելի պայթումին վերապրողներէն է Պետրոս Անսրեան, որ այդ տարիներուն կը պաշտօնավարէր Ամերիկեան դեսպանատան մէջ: Հանդիսութեան ընթացքին խօսք արտասանեց նաեւ Բժիշկ Վարդան Թաշճեան: Գինեձօնի յայտագիրը կ՛ընդգրկէր (Yes no Visa) տեսաերիզի ներկայացումը:
Գիրքի ներկայացումէն ետք խօսք առաւ գիրքի հեղինակ Տիար Պետրոս Անսըրեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Բարձրաշնորհ Սրբազան Հօր հանդիսութեան հովանաւորութեան համար, ինչպէս նաեւ երախտիքի խօսքեր ուղղեց հանդիսութեան բոլոր մասնակիցներուն ու ներկաներուն:
Ապա ան ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց գիրքին մէջ տեղ գտած իր կենդանի վկայութիւնները, որոնք կը վերաբերէին Ամերիկեան դեսպանատան պայթումի հանգամանքներուն ու հետեւանքներուն:
Հուսկ, փակման խօսքով ելոյթ եկաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արբ. Արք. Տէրտէրեանը, որ շնորհաւորեց Պետրոս Անսըրեանը «Առանց պայուսակի դիւանագէտը» (Diplomat Without Portfolio) գիրքի հրատարակութեան առիթով: Սրբազանին բառերով, գիրքը կը պատմէ Պետրոս Անսըրեանի կեանքի ուղեւորութիւնն ու փորձառութիւնը եւ լիբանանահայութեան կեանքը պատերազմի տարիներուն: Սրբազանը վեր առաւ Պետրոս Անսըրեանի քաջասրտութիւնը, որ ապրեցաւ Ամերիկեան դեսպանատան ցաւալի պայթումին սարսափելի պահերը եւ հաւատքով ու իմաստութեամբ յաղթահարեց կեանքի բազում դժուարութիւններ ու արհաւիրքներ: Սրբազանը այս առթիւ բարձր գնահատեց Տիար Պետրոս Անսըրեանի ծառայութիւնն ու նուիրումը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմէն ներս:
Հանդիսութեան աւարտին տեղի ունեցաւ «Առանց պայուսակի դիւանագէտը» (Diplomat Without Portfolio) գիրքի գինեձօնը, ապա Տիար Պետրոս Անսըրեան իր գիրքերը մակագրեց ներկաներուն: Ընթացքին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:
Դիւան Առաջնորդարանի