ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԹԵՄԻ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ԲԱՐՁՐԱՇՆՈՐՀ ՏԷՐ ՅՈՎՆԱՆ ԱՐՔ․ ՏԷՐՏԷՐԵԱՆԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱԿԱՆ ՏԱՐԻՆԵՐՈՒՆ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԹԵՄԻ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ԲԱՐՁՐԱՇՆՈՐՀ ՏԷՐ ՅՈՎՆԱՆ ԱՐՔ․ ՏԷՐՏԷՐԵԱՆԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱԿԱՆ ՏԱՐԻՆԵՐՈՒՆ- Western Diocese of the Armenian Church

Contact Us: 818-558-7474

NEXT EVENT
16 April 2026
DEMIRGIAN SCHOLARSHIP.

ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԹԵՄԻ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ԲԱՐՁՐԱՇՆՈՐՀ ՏԷՐ ՅՈՎՆԱՆ ԱՐՔ․ ՏԷՐՏԷՐԵԱՆԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱԿԱՆ ՏԱՐԻՆԵՐՈՒՆ
Published - 16 April 2026

Մշակոյթը ժողովուրդի մը կեանքին մէջ այն կենդանի եւ ապրող իրականութիւնն է, ուր հաւատքը կը մարմնաւորուի, արժէքները կը ձեւաւորուին եւ կեանքը կը ստանայ իր խոր եւ լիարժէք իմաստը։ Հայկական մշակոյթը ներդաշնակ միաձուլումն է քրիստոնական կրօնին եւ մեր ազգային արժէքներուն, ուր հաւատքը, լեզուն, գիրը եւ արուեստը կը դառնան հայուն ինքնութեան պահապանն ու հոգեւոր ժառանգութեան փոխանցողը։ Մշակոյթը կը պահէ անցեալի յիշողութիւնը՝ միաժամանակ վերածուելով մշտանորոգ եւ կենդանի ուժի մը, որ կը ներգործէ հայ կեանքին մէջ։

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմը Թեմական Առաջնորդ՝  Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանի առաջնորդութեամբ, իր առաքելութիւնը կը կերտէ ոչ միայն հոգեւոր եւ կրթական դաշտերուն մէջ, այլեւ կը ծաղկեցնէ բազմաբնոյթ մշակութային կեանք մը՝ նպաստելով հայ ժառանգութեան պահպանման եւ շարունակական եւ հաւատարիմ փոխանցման։ Անցնող տարիներուն, Արեւմտեան Թեմը, Առաջնորդարանի հովանաւորութեամբ եւ թեմական կառոյցներու համագործակցութեամբ ծաւալած է բազմաթիւ մշակութային նախաձեռնութիւններ, որոնք միաւորած են համայնքը եւ նպաստած ազգային ինքնութեան ամրապնդման։

1. «Զուարթնոց» Մշակութային Յանձնախումբ

Արեւմտեան Թեմի մշակութային առաքելութեան իրականացման մէջ առանցքային դեր կը խաղայ «Զուարթնոց» Մշակութային Յանձնախումբը, որ Սրբազան Հօր օրհնութեամբ հիմնուած է 2011 թուականին։ Անցնող տարիներուն, յանձնախումբը դարձաւ թեմական մշակութային կեանքի կենդանի զարկերակը՝ կազմակերպելով բազմաթիւ բարձրորակ ձեռնարկներ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարին եւ Առաջնորդարանի սրահներուն մէջ, որոնք վերածուած են հայ մշակոյթի կենդանի օճախներու։ 2011–2026 տարիներու ընթացքին «Զուարթնոց»ը կազմակերպած է բազմաթիւ մշակութային նախաձեռնութիւններ, որոնք կարելի է բաժնել քանի մը հիմնական ուղղութիւններու․-

Գրական ձեռնարկներ․- Յանձնախումբը պարբերաբար կազմակերպած է դասախօսութիւններ, քննարկումներ եւ բանախօսական երեկոներ՝ նուիրուած հայոց պատմութեան տարբեր հանգրուաններուն, եկեղեցագիտական հարցերու, ազգային ինքնութեան եւ ժամանակակից մարտահրաւէրներու։ Այս հանդիպումները յաճախ համախմբած են Հայաստանէն եւ սփիւռքէն հրաւիրուած մտաւորականներ, պատմաբաններ եւ գիտնականներ՝ ստեղծելով մտքի փոխանակման կենդանի հարթակ մը։

Գիրքի շնորհանդէսներ․-  Յանախումբի նախաձեռնութեամբ անցնող տարիներու ընթացքին կազմակերպուած են բազմաթիւ գիրքերու ներկայացումներ, ինչպէս Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ այլ հեղինակներու հոգեւոր, պատմական եւ մշակութային բնոյթի հրատարակութիւնները։ Այս նախաձեռնութիւնները նպաստած են ընթերցասիրութեան եւ հայ գրական մտքի տարածման։

Երաժշտական եւ գեղարուեստական ձեռնարկներ․- Յանձնախումբին կողմէ նաեւ կազմակերպուած են հոգեւոր, դասական եւ ազգային երաժշտութեան համերգներ, որոնց մէջ յատկանշական է Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարին մէջ 2024 թուականին տեղի ունեցած եզակի համերգը՝ նուիրուած Արամ Խաչատուրեանի ծննդեան 120-ամեակին։

 

Թեմատիկ եւ մշակութային-ուսուցողական երեկոներ․- Արեւմտեան Թեմի «Զուարթնոց» Մշակութային Յանձնախումբը կազմակերպած է տարբեր թեմաներով ձեռնարկներ, ինչպէս՝

«History of Armenian Wine» (2022) հայ գինեգործութեան պատմութեան նուիրուած,

«What Follows Recognition?» (2024) ազգային-քաղաքական մտքի քննարկման հարթակ,

«Yerevan Night» (2025) մշակութային համախմբում՝ հայկական երաժշտութեան, խոհանոցի եւ ազգային աւանդութիւններու շուրջ։

Այս ձեռնարկները համադրած են կրթական, մշակութային եւ համայնքային տարրերը՝ ստեղծելով բազմաբովանդակ փորձառութիւն մը։

Յիշատակութեան եւ յոբելենական ձեռնարկներ․- Յանձնախումբը կազմակերպած է մշակութային երեկոներ՝ նուիրուած հայ մշակոյթի եւ արուեստի երախտաւոր դէմքերուն, ինչպէս նաեւ ազգային կարեւոր տարեդարձերու, նպաստելով պատմական յիշողութեան պահպանման։

Յանձնախումբին կազմակերպած ձեռնարկները կը բնորոշուին իրենց բովանդակային խորքով եւ բարձր արուեստագիտական մակարդակով։ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցած Արամ Խաչատուրեանի ծննդեան 120-ամեակին նուիրուած համերգը, օրինակ, դարձաւ ոչ միայն երաժշտական իրադարձութիւն մը, այլեւ ազգային հպարտութեան եւ մշակութային վերապրումի բացառիկ դրսեւորում մը։ Նմանօրինակ նախաձեռնութիւններու շարքին կը դասուին նաեւ գրական-մտաւորական երեկոները, դասախօսութիւնները եւ քննարկումները, որոնք կը միաւորեն հայ մտքի եւ մշակոյթի ներկայացուցիչները՝ ստեղծելով գիտելիքի եւ երկխօսութեան կենսունակ միջավայր մը։

2. Երիտասարդական-մշակութային ծրագրեր

Արեւմտեան Թեմի մշակութային առաքելութեան մէջ մեծ տեղ կը գրաւեն Թեմի երիտասարդական մարմիններն ու կազմակերպուած համաժողովները, որոնց ճամբով նոր սերունդը կը ներգրաւուի ազգային ինքնութեան վերարժեւորման գործընթացին։

Առաջնորդարանի երիտասարդական կառոյցները, յատկապէս Հայ Եկեղեցւոյ Երիտասարդաց Կազմակերպութիւնը (ACYO), Թեմի մշակութային առաքելութեան մէջ կը ներգրաւեն նոր սերունդը՝ կազմակերպելով հանդիպումներ, գործադրելով մշակութային ծրագրեր եւ ինքնութեան վերարժեւորման նախաձեռնութիւններ։ Այսպիսով երիտասարդութիւնը ոչ միայն կը մօտենայ Եկեղեցւոյ, այլեւ կը դառնայ հայ մշակոյթի գիտակից պահապանն ու տարածողը։

Հայ Եկեղեցւոյ Երիտասարդաց Կազմակերպութիւնը (ACYO), Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արք. Տէրտէրեանի տեսիլքով ընդարձակուելով Pan-ACYO-ի, դարձաւ երիտասարդութեան համախմբման կարեւոր հարթակ մը։ Տարբեր քաղաքներու մէջ կազմակերպուած համաժողովները եւ հանդիպումները մեծապէս կը նպաստեն երիտասարդներու հոգեւոր եւ մշակութային կազմաւորման, ուր ամերիկահայ երիտասարդը կը հաղորդուի իր մշակոյթին, լեզուին եւ աւանդութիւններուն հետ։

2022 թուականին սկիզբ առաւ «Epostle» առաքելութիւնը, որ ժամանակակից ընկերային հարթակներու միջոցով կը ներկայացնէ Աւետարանի պատգամն ու հայկական մշակոյթը։ Իսկ «I Am Armenian» եւ դաստիարակչական այլ ծրագրերու միջոցով երիտասարդները կը հաղորդուին հայոց պատմութեան, արուեստին եւ ազգային արժէքներուն, իսկ «Քրիստոնեայ Երիտասարդական Առաքելութիւն դէպի Հայաստան» բացառիկ նախաձեռնութիւնը կենդանի կամուրջ մը կը ստեղծէ սփիւռքի եւ հայրենիքի միջեւ, ամերիկահայ երիտասարդը ուղղակի կապելով քրիստոնական հաւատքին եւ հայ մշակոյթին հետ։

Արեւմտեան Թեմի թեմական ու ծխական մակարդակներով երիտասարդական բոլոր կառոյցներու նախաձեռնութիւնները խորքային իմաստով եւ նպատակասլաց կերպով կը նպաստեն երիտասարդութեան ինքնագիտակցութեան ամրապնդման եւ հայ մշակոյթի գիտակից փոխանցման անուրանալի գործին։

3. Հոգեւոր-մշակութային ծրագրեր

Արեւմտեան Թեմի մշակութային առաքելութիւնը իր լիարժէք արտայայտութիւնը կը գտնէ նաեւ բազմաթիւ ցուցահանդէսներու կազմակերպման մէջ, որոնք անցնող տարիներուն դարձած են համայնքային եւ մշակութային հարուստ կեանքի կարեւոր դրսեւորումները։ Առաջնորդարանի եւ ծխական համայնքներուն մէջ պարբերաբար կազմակերպուած են գեղարուեստական ցուցահանդէսներ՝ ներկայացնելով հայ նկարիչներու, քանդակագործներու եւ ժամանակակից արուեստագէտներու ստեղծագործութիւնները, որոնք ոչ միայն կը բացայայտեն հայ արուեստի ստեղծագործական ներուժը, այլեւ կը նպաստեն հայու մշակութային ճաշակի եւ գեղագիտական զգացողութեան զարգացման։ Միեւնոյն ժամանակ կազմակերպուած են պատմական եւ եկեղեցական ժառանգութեանց նուիրուած ցուցադրութիւններ, ուր ներկայացուած են սրբազան եկեղեցական իրեր, հնատիպ գիրքեր, ձեռագիրներ եւ ազգային արժէք ներկայացնող եզակի նմուշներ՝ հաւատացեալներուն առիթ ընձեռելով մօտէն հաղորդուելու իրենց հոգեւոր եւ մշակութային անցեալին։

Յիշատակութեան արժանի է 2018 թուականին Առաջնորդարանի Քալաճեան սրահին մէջ տեղի ունեցած հայ ժամանակակից արուեստագէտներու համատեղ ցուցահանդէսը, ուր ներկայացուեցան սփիւռքահայ եւ հայրենի ստեղծագործողներու գործերը, ընդգծելով հայ արուեստի բազմերանգ զարգացումը։ Ինչպէս վերեւ անդրադարձ կատարեցինք, 2022 թուականին կազմակերպուեցաւ թեմատիկ մշակութային ցուցահանդէս մը նուիրուած հայկական գինիի պատմութեան, ուր ներկայացուեցան ոչ միայն պատմական նիւթեր, այլեւ հայ մշակոյթի եւ ինքնութեան հետ կապուած խորհրդանշական տարրեր։ Իսկ 2023 թուականին, Արցախի մշակութային ժառանգութեան նկատմամբ աճող մտահոգութիւններու լոյսին տակ, Առաջնորդարանէն ներս կազմակերպուեցաւ իրազեկման ցուցադրութիւն եւ ներկայացում մը, լուսարձակի տակ առնելով հայկական վտանգուած վանքերը, խաչքարերը եւ պատմական կոթողները։

Անցնող տարիներու ընթացքին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմը, Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանի հովանաւորութեամբ տակաւին իրականացուց բազմաթիւ մշակութային այլ նախաձեռնութիւններ՝ թէ՛ թեմական եւ թէ ծխական մակարդակներով, որոնք էական դեր խաղացին սփիւռքահայ հայահոծ համայնքներու հոգեւոր-մշակութային կեանքի աշխուժացման։ Անոնցմէ յիշատակութեան արժանի են հետեւեալ նախաձեռնութիւնները․

• 2005 թուականէն սկսեալ Առաջնորդարանի հովանաւորութեամբ սկիզբ առաւ «Հայ Եկեղեցւոյ Ձայն» հեռուստածրագիրը, որ տարիներու ընթացքին դարձաւ մշակութային-հոգեւոր հաղորդակցութեան կարեւոր միջոց մը, հանրութեան ներկայացնելով հայ եկեղեցական, մշակութային եւ ազգային թեմաներ։

• Անցնող երկու տասնամեակներու ընթացքին եւ առ այսօր կը կազմակերպուի Թեմի Սուրբ Ծննդեան յատուկ հանդիսութիւնը (Christmas Ball), որ կը միաւորէ համայնքը տօնական սակայն հայկական մշակութային բարձրորակ միջավայրի մը շուրջ՝ միաժամանակ մեծարելով հայ մշակութային, կրթական եւ հասարակական կեանքին մէջ ներդրում ունեցած անձերը։

• 2010-ական թուականներէն սկսեալ Լոս Անճելըս եւ շրջակայ համայնքներուն մէջ կազմակերպուեցան բազմաթիւ գրական երեկոներ, գիրքի շնորհանդէսներ եւ մշակութային հանդիսութիւններ՝ նուիրուած հայ մշակոյթի երախտաւոր դէմքերուն, ինչպէս նաեւ հայ եկեղեցական գրականութեան տարածման։

• 2011 թուականին Սրբազան Հօր ջանքերով Առաջնորդարանին մէջ հիմնուեցաւ արդիական սարքաւորումներով հեռուստատեսային բաժանմունքը, որու միջոցով մշակութային եւ հոգեւոր հաղորդումներ սկսան տարածուիլ ոչ միայն տեղական ալիքներով, այլ նաեւ համացանցային հարթակներու վրայ՝ հասանելի դառնալով նաեւ արտասահմանի հայութեան։

• Տարբեր առիթներով Թեմի եկեղեցիներէն կամ սրահներէն ներս կը կազմակերպուին հոգեւոր-մշակութային համերգներ, երգչախումբերու ելոյթներ եւ ազգային տօներու հանդիսութիւններ, որոնք կը ներկայացնեն հայ եկեղեցական երաժշտութեան եւ մշակոյթի հարուստ ժառանգութիւնը։

Այս բոլոր նախաձեռնութիւնները կը վկայեն, թէ Արեւմտեան Թեմը մշակութային առաքելութիւնը կը դիտէ որպէս իր հոգեւոր ծառայութեան անբաժան մէկ մասը՝ նպատակ ունենալով պահպանել հայ մշակոյթը եւ զայն փոխանցել սերունդէ սերունդ։

Արեւմտեան Թեմի մշակութային առաքելութեան կարեւոր եւ կենսունակ արտայայտութիւններէն մէկը նաեւ եկեղեցական երգեցողութեան եւ երգչախմբային կեանքի զարգացումն է, որուն միջոցով կը պահպանուի եւ կը փոխանցուի հայ եկեղեցական երաժշտութեան դարաւոր աւանդութիւնը։ Թեմէն ներս գործող գրեթէ բոլոր ծուխերը կը վայելեն իրենց երգչախումբերը, որոնք ոչ միայն կը հարստացնեն Սուրբ Պատարագն ու եկեղեցական արարողութիւնները, այլեւ կը հանդիսանան հոգեւոր դաստիարակութեան եւ մշակութային ինքնութեան պահպանման կարեւոր օղակներ։ Այս բնագաւառը համակարգուած եւ բարձր մակարդակի վրայ կազմակերպելու նպատակով Առաջնորդարանը կազմած է Երգչախումբերու Կեդրոնական մարմին մը, որուն առաքելութիւնն է Թեմէն ներս ապահովել Սուրբ Պատարագի երգեցողութեան բծախնդիր կատարումը, բարձրացնել մասնագիտական որակը եւ զարգացնել եկեղեցական երաժշտական կրթութիւնը։ Նշեալ մարմինը իր գործունէութեամբ նպաստած է նոտագրութիւններու պատրաստութեան, ուսուցողական նիւթերու տարածման եւ ձայնագրութիւններու հրատարակութեան։ Յատուկ տեղ կը գրաւէ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարի «Շնորհալի» երգչախումբը, որ համատեղութեամբ Մայր Տաճարի «Խաչատուրեան» երգչախումբին կը մասնակցի Սուրբ Պատարագներուն, տօնական եւ հանդիսաւոր արարողութիւններուն, ինչպէս նաեւ հոգեւոր-մշակութային համերգներու եւ Թեմական կարեւոր ձեռնարկներու՝ բարձր մակարդակով ներկայացնելով հայ եկեղեցական երաժշտութեան գեղարուեստական եւ հոգեւոր հարստութիւնը։ Այսպիսով, երգչախմբային կեանքը Արեւմտեան Թեմէն ներս կը ներկայանայ որպէս ոչ միայն երաժշտական ծառայութիւն, այլեւ ազգային-հոգեւոր ինքնութեան պահպանման եւ սերունդէ սերունդ փոխանցման կենդանի միջոց մը։

Բացի այս, Բարձրաշնորհ Սրբազան Հօր փափաքով եւ հովանաւորութեամբ, հովուական այցելութիւններու ընթացքին, եկեղեցական արարողութիւններուն զուգահեռ ծուխերէն ներս կը կազմակերպուին նաեւ մշակութային եւ գեղարուեստական յայտագրեր՝ դպրաց դասերու, Շաբաթօրեայ եւ Կիրակնօրեայ դպրոցներու աշակերտութեանց եւ անհատ համայնքայիններու մասնակցութեամբ, որոնք կը վերածուին համայնքային, հոգեւոր ու մշակութային տպաւորիչ առիթներու։

4. Թանգարան – Գրադարան

Արեւմտեան Թեմի մշակութային առաքելութեան շօշափելի եւ խորհրդանշական արտայայտութիւններէն մէկը նաեւ Առաջնորդարանի թանգարանն է, որ կը հանդիսանայ հայ հոգեւոր եւ ազգային ժառանգութեան պահպանման կենդանի վկայութիւնը։ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանի տեսիլքով եւ հովանաւորութեամբ ստեղծուած եւ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարի ներքնայարկը հաստատուած կրօնական եւ ազգագրական այս թանգարանը կոչուած է պահպանելու, արժեւորելու եւ ներկայացնելու Հայ Եկեղեցւոյ դարաւոր պատմութիւնը եւ Արեւմտեան Թեմի հարիւրամեայ հարուստ անցեալը։

Թանգարանի փեղկերուն մէջ հայ եւ օտար հանրութեան համար կը ցուցադրուին բազմաթիւ արժէքաւոր եկեղեցական ծիսական սպասներ, հնատիպ գիրքեր, ձեռագիրներ, սրբապատկերներ, ձեռաց խաչեր եւ պատմական նշանակութիւն ունեցող առարկաներ, որոնք կը ներկայացնեն հայ եկեղեցական եւ մշակութային ժառանգութեան տարբեր փուլերը։ Այս նմուշները անցեալի մասին պատմող կենդանի վկաներն են, որոնք կը պատգամեն հայ ժողովուրդի անխախտ հաւատքի, ստեղծագործ ոգիի եւ տոկունութեան մասին։ Թանգարանը ունի նաեւ կրթական նշանակութիւն, որովհետեւ կը ծառայէ որպէս ուսուցողական միջավայր Լոս Անճելըսի հայկական վարժարաններու աշակերտութեանց եւ երիտասարդ սերունդին համար՝ անոնց ծանօթացնելով իրենց պատմական արմատներուն եւ եկեղեցական աւանդութիւններուն։ Թանգարանը այն սրբազան տարածքն է, ուր անցեալը կը հանդիպի ներկային, եւ ուր սերունդները կը վերագտնեն իրենց ինքնութիւնը՝ հաղորդուելով իրենց հոգեւոր եւ ազգային արմատներուն։

Արեւմտեան Թեմի մշակութային առաքելութեան կարեւոր արտայայտութիւններէն մէկը նաեւ Առաջնորդարանի «Աղա Սարգիսեան» գրադարան, որ հիմնուած է Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանի նախաձեռնութեամբ։ Գրադարանը կը ներառէ հոգեւոր, աստուածաբանական, պատմական եւ մշակութային հատորներու հարուստ հաւաքածոյ մը, որ որպէս գիտելիքի եւ ուսումնասիրութեան կենսունակ կեդրոն կը ծառայէ թէ՛ հոգեւորականներուն, թէ՛ ուսուցիչներուն եւ թէ՛ համայնքի զաւակներուն։

Գրադարանը արդարեւ մշակութային ու կրթական եզակի միջավայր մը, ուր կը խրախուսուի ընթերցասիրութիւնը, եւ կը խորանայ հայագիտութեան նկատմամբ հետաքրքրութիւնը։ Ան կը նպաստէ հայ եկեղեցական, պատմական եւ գրական ժառանգութեան պահպանման եւ փոխանցման, ստեղծելով կամուրջ մը սերունդներու միջեւ եւ Թեմի աւագ եւ երիտասարդ սերունդին մէջ ամրապնդելով մտաւոր եւ հոգեւոր կեանք եւ անոնց պահպանութեան յանձնառութիւնը։

Այս կարեւոր կառոյցներուն գործունէութիւնը կը համակարգէ Տիար Հայկ Մատոյեան, որ իր նուիրումով եւ հետեւողական աշխատանքով կը մեծապէս կը նպաստէ թանգարանի եւ գրադարանի պահպանման ու զարգացման։

5.- Վերջաբան

ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանի ընկալումով հայկական մշակոյթը պարզապէս անցեալի ժառանգութեան պահպանման միջոց մը չէ, այլ ապրող եւ կենդանի իրականութիւն մը, որ կը շնչէ, կը զարգանայ եւ կը ձեւաւորէ ժողովուրդի հոգեւոր եւ ազգային նկարագիրը։ Սրբազան Հօր  համար հայ մշակոյթը անքակտելիօրէն կապուած է հաւատքին հետ, որուն արմատները խորապէս խարսխուած են քրիստոնէական արժէքներուն մէջ, որոնցմով դարեր շարունակ կերտուած է հայ ժողովուրդի ինքնութիւնը։

Սրբազան Հայրը բազմիցս ընդգծած է, թէ մշակոյթը այն սրբազան տարածքն է, ուր ժողովուրդը կը ճանչնայ իր անցեալը, կը հասկնայ իր ներկան եւ կը կառուցէ իր ապագան։ Այս իմաստով, մշակոյթի պահպանումը չի սահմանափակուիր միայն յիշողութեան պահպանումով, այլ կը պահանջէ ստեղծագործ եւ շարունակական յանձնառութիւն եւ նուիրում, որպէսզի մնայ կենսունակ եւ ներգործող ուժ ներկայ եւ գալիք սերունդներու կեանքին մէջ։

Առաջնորդ Սրբազանը կը շեշտէ, որ սփիւռքեան իրականութեան մէջ մշակոյթը կը դառնայ ինքնութեան պահպանման հիմնասիւնը, որովետեւ առանց լեզուի, արուեստի եւ եկեղեցական ժառանգութեան, հայ մարդը կը կորսնցնէ իր հոգեւոր դիմագիծը։ Հետեւաբար, մշակոյթը Հայ Եկեղեցիէն, դպրոցէն եւ հայկական կառոյցներէն անդին նաեւ ու մանաւանդ պէտք է կեդրոնական ներկայութիւն դառնայ հայ ընտանիքին մէջ, որպէս հիմասիւնը հայապահպանութեան եւ սերունդէ սերունդ փոխանցուող ազգային ինքնութեան ամրապնդման։

Առաջնորդ Սրբազան Հօր մաղթանքն է, որ հաւատքի կաղքին հայ մշակոյթը շարունակէ մնալ մեր ինքնութեան պահպանման անսասան հիմքը եւ առաջնորդէ հայ ժողովուրդը դէպի լուսաւոր ապագայ։