ԶԱՏԿԱԿԱՆ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳ ՄԵՔՍԻՔO ՍԻԹԻԻ ՄԷՋ ԶԱՏԿԱԿԱՆ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳ ՄԵՔՍԻՔO ՍԻԹԻԻ ՄԷՋ- Western Diocese of the Armenian Church

Contact Us: 818-558-7474

NEXT EVENT
16 April 2026
DEMIRGIAN SCHOLARSHIP.

ԶԱՏԿԱԿԱՆ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳ ՄԵՔՍԻՔO ՍԻԹԻԻ ՄԷՋ
Published - 15 April 2026

ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանի տնօրինութեամբ, Սուրբ Յարութեան տօնին առիթով, Արեւմտեան Թեմի հոգեւորականներէն Արժանապատիւ Տէր Նարեկ Աւագ Քահանայ Մատարեան հովուական առաքելութեամբ մեկնեցաւ Մեքսիքօ, ուր մայրաքաղաք Մեքսիքօ Սիթիի «Our Lady of Lebanon» մարոնիններու եկեղեցւոյ մէջ, Կիրակի 5 Ապրիլի յետմիջօրէին, մատուցեց Զատկական Սուրբ եւ Անմահ Պատարագը։

Սուրբ Պատարագին ներկայ գտնուեցան Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ Հիւպատոս Տիար Նիկոլայ Կոստանդեանը, ծխական խորհուրդի ատենապետը եւ անդամները, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով համայնքի զաւակներ։

Պատարագիչ Տէր Հայրը ներկայ հաւատացեալներուն փոխանցեց Սրբազան Հօր զատկական շնորհաւորութիւնները, ապա հայերէն եւ սպաներէն լեզուներով ընթերցուեցաւ Սրբազան Հօր Սուրբ Յարութեան պատգամը, ուր կը շեշտէր, թէ Քրիստոսի Յարութիւնը նոր կեանքի, յոյսի եւ հաւատքի յաղթանակն է, կոչ ուղղելով բոլորին կառչած մնալու մեր հոգեւոր եւ ազգային արժէքներուն  եւ ապրելու Յարութեան լոյսով։

Սուրբ Պատարագէն ետք Տէր Հայրն ու համայնքի զաւակները ջերմ մթնոլորտի մէջ համախմբուեցան եկեղեցւոյ ներքնասրահին մէջ, ուր փոխանակեցին զատկական շնորհաւորութիւնները։ Սոյն առիթը առաւել եւս ընդգծեց Սրբազան Հօր տնօրինութեամբ կազմակերպուած հովուական այցելութեան կարեւորութիւնը, որ նպատակ կը հետապնդէ ամրապնդել Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի եւ Մեքսիքոյի համայնքներու հոգեւոր կեանքը եւ վերանորոգելու հաւատացեալներու կապը Սուրբ Եկեղեցւոյ հետ։ Սուրբ պատարագին մասնակից հաւատացեալները իրենց խորին երախտագիտութիւնն ու շնորհակալութիւնը յայտնեցին Սրբազան Հօր հայրական հոգածութեան եւ համայնքին հանդէպ ցուցաբերած սիրոյն համար։

Դիւան Առաջնորդարանի