St. Leon Church "Sound of Children" Summer Camp Click Here to lean more
Այսու հաղորդագրութեամբ ուրախութեամբ կու գանք յայտնելու, թէ՝ Ամերիկային Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմը ձեռնարկած է շինարարական բազմաթիւ ծրագրեր, որոնք պիտի նպաստեն քրիստոնէական հաւատքի հզօրացման, հայապահպանութեան առաքելութեան ամրապնդման, համայնքային կեանքի աշխուժացման եւ թեմական մակարդակով վարչական աշխատանքներու առաւել կարգաւորման։
Արդարեւ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արք. Տէրտէրեանի տնօրինութեամբ Արեւմտեան Թեմը մասնաւոր կարեւոութիւն կ՛ընծայէ շինարարական հետեւեալ ծրագիրներուն.-
1. Շուտով սկիզբ պիտի առնէ Առաջնորդարանի վարչական շէնքի երկրորդ յարկի կառուցումը։ Շինարարական այս ծրագիրը Թեմական մակարդակով տարուող աշխատանքներուն ամենակարեւորը կը համարուի, որով առաւել եւս պիտի ընդարձակուի Առաջնորդարանի լայնածաւալ գործունէութիւնը։
2. Սրբազան Հօր նախագահութեամբ Օգոստոս 14-ին հիմնարկէքի արարողութիւնը պիտի կատարուի Լաս Վէկասի ամէնօրեայ
դպրոցին, կրթական կարեւոր ծրագիր մը, որ ծուխի հովուական ծառայութեան ու հոգեւոր մատակարարութեան կողքին բնականաբար զարկ պիտի տայ շրջանի հայութեան հայապահպանութեան անյետաձգելի առաքելութեան։
3. Ընթացքի մէջ են Թահանկայի Սրբոց Առաքելոց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ կից շինարարական ծրագրերը։
4. Բանաւոր պատճառներով ընդհատուելէ ետք յառաջիկային պիտի շարունակուին Կլէնտըլի նոր համալիրի շինարարական աշխատանքները։ Նշեալ շինարարական հսկայ ծրագիրը, իր եզակի դիրքով, հայկական եկեղեցիով, ամէնօրեայ դպրոցով, յառակից սրահներով, բացօթեայ խորանով եւ այլ յարմարութիւններով պիտի հանդիսանայ հայահոծ կլէնտալահայութեան հոգեւոր, կրթական, համայնքային, երիտասարդական ու ընկերային հոգեթով ու հայաշունչ եզակի ժամադրավայրի մը։
5. Սիաթըլի մէջ նոր կալուած մը ձեռք պիտի բերուի եւ եկեղեցւոյ կողքին պիտի կառուցուի սրահ մը համայնքային գործածութեան համար։
6. Յառաջիկային ընթացք պիտի առնէ Սուրբ Պետրոս Եկեղեցւոյ ամէնօրեայ դպրոցի ընդլայնման շինարարական ծրագիրը։
ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արք. Տէրտէրեան, Թեմական Խորհուրդը, շրջանի հոգեւոր հովիւներն ու ծխական խորհուրդները աչալրջութեամբ կը հետապնդեն նշեալ շինարարական ծրագիրներու բարեյաջող ընթացքը, ի խնդիր Մայրենի Սուրբ Եկեղեցւոյ պայծառութեան, հայ լեզուի ու մշակոյթի պաշտպանութեան եւ Արեւմտեան Թեմի ամերիկահայութեան միութեան ամրապնդման ու մեր հայրենական աւանդներու պահպանման։
Դիւան Առաջնորդարանի
29 Յուլիս 2025