ԱՆԱՌԱԿԻ ԿԻՐԱԿԻՆ ԱՆԱՌԱԿԻ ԿԻՐԱԿԻՆ- Western Diocese of the Armenian Church

Contact Us: 818-558-7474

NEXT EVENT
15 May 2025

St. Leon Church "Sound of Children" Summer Camp Click Here to lean more

DEMIRGIAN SCHOLARSHIP

ԱՆԱՌԱԿԻ ԿԻՐԱԿԻՆ
Published - 14 March 2025

Մեծ Պահքի երրորդ կիրակին կը կոչենք Անառակի Կիրակի, որովհետեւ օրուան Աւետարանական ընթերցումն ալ այդ կը թելադրէ։ Քրիստոս մեզի կը պատմէ իրական կեանքէն առնուած պատմութիւն մը եւ անիկա կը դարձնէ մեր կեանքի հայելին։ Անառակ Որդին առակը թերեւս ամենէն աւելի պատմուած առակներէն մէկն է, որ երբեմբ կը յիշատակուի որպէս ինքնին խտացնէ քրիստոնէութեան ոգին եւ ողջ դաստիարակութիւնը։

Ներողամտութիւնը մարդկային նեանքին մէջ ամենէն աւելի փնտռուած վերաբերմունքն է։ «Տերունական Աղօթք»-ին մէջ մենք խնդրանք կը ներկայացնենք Աստուծոյ, որպէսզի ներէ մեր մեղքերը, բայց յաճախ կը մոռնանք նոյն ոգին ցոյց տալու մեր նմաններուն նկատմամբ։ Անառակ Որդիին առակով մեզի ներկայացնող Հօր կերպարը կը ներկայացնէ Ամենակարողն Աստուած։ Երկու տղաքը կը ներկայացնեն մարդկութիւնը իրենց նկարագրի իւրայատկութիւններով։ Փոքրը անառակ կեանքով մը ապրելէ յետոյ զղջում կ’ունենայ եւ քաջաբար կը դիմէ Հօրը ներողութիւն խնդրելով անկէ իր անհնազանդ կեանքոով մը ապրած ըլլալուն համար։ Մեծ որդին կը ներկայացնէ մարդկութեան այն խաւը, որոնց սրտին մէջ արմատացած է նախանձն ու աններող ոգին։

Ուրեմն կարդանք Անառակ Որդուն առակը եւ Աստուծոյ զօրութեամբ ու առաջնորդութեամբ փոխենք մեր կեանքի ընթացքը՝ դէպի Աստուծոյ հաճելին։