Մեծ Պահքի երկրորդ Կիրակին իկ կոչումը կ’առնէ Աստուածաշնչական այն պատումէն, ուր մեզի կը ներկայացուի Ադամի ու Եւայի արտաքսումը դրախտէն։ Աստուած տիեզերքը ստեղծելէ յետոյ զայն ընծայեց մարդուն՝ իր վայելքին համար։ Բայց մարդը միշտ աւելիին ձգտեց, ընդհուպ ցանկաց հաւասարուիլ Աստուծոյ իր ձգտումներով։ Ահաւասիկ այդ իկս պատճառով ալ Ադամ ու Եւա արտաքսուեցան դրախտային կեանքէն։ Բոլորս ալ ծնած ենք ադամային կեանքէն։ Բոլորս ալ ծնած ենք ադամական մեղքով։ Քրիստոսի աւազանէն մկրտութեամբ կը սրբուինք ադամական մեղքէն եւ կը զգենունք զՔրիստոս։
Մեծ Պահքի խորհուրդն ալ տարբեր չէ։ Մեր առջեւ բացուող հոգեւոր ճանապարհորդութեամբ, աղօթքով ու պահեցողութեամ մեր մէջ կ’ամրապնդենք հաւատքի կեանքն ու քրիստոնէական նկարագիրը։ Որիշ խօսքով, Արտաքսման Կիրակիին երգուած շարականներն ու կարդացւած աղօթքներուն խորքը ինչքան կը պատմեն Ադամի եւ Եւայի դրախտէն արտաքսման մասին, նոյնքան եւ մեզի կը պատմեն այն հնարաւորութեամբ մարդուն կը տրուի առիթը իր կեանքի ընթացքը վերահաստատել դէպի Աստուած ճանապարհորդութեան ուղիին վրայ։