St. Leon Church "Sound of Children" Summer Camp Click Here to lean more
Հրաչ Սեփեթճեան
Ծննդեան 150-ամեակը Կոմիտաս վարդապետին հիանալի առիթ հանդիսացաւ, որպէզսի այս տարի աշխարհով մէկ “վերադառնայ” ան: Անծանօթը ծանօթանայ, ծանօթը՝ խորանայ անոր կեանքին ու մշակութային ժառանգութեան մէջ:
Այս անգամ մեզ Կոմիտասին կապող օղակը հանդիսացան Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի “Զուարթնոց” մշակութային յանձնախումը, համբաւաւոր սոփրանօ Իզապէլ Պայրագտարեանը՝ Քանատայէն, եւ խումբ մը երաժիշտներ որոնք երկու ժամ շարունակ մշակութասէր հանրութիւնը տարին հայաշխարհ. Կիլիկիա, Հայաստան, հարիւր եւ ավելի տարիներ ետ, դէպի մեր ակունքները, արմատները, մուտք գործելով մեր ներաշխարհէն ներս:
Այդ երեկոյ, Կիրակի, 10 Նոյեմբերին, Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարէն ներս Կոմիտաս վարդապետ մեզի հետ էր, նստած անշուք մէկ նստարանին, կը հետեւէր երգացանկին ու կապրէր աշխատանք մը ի կատար ածելու բերկրանքը: Կոմիտաս ոչ միայն “Հայ երգի վեհափառն է”, այլեւ Փրկիչը:
Աստուածատուր ձայնը Իզապէլ Պայրագտարեանի այդ երեկոյ կու գար երաժշտական շօշափելի երանգներու վերածելու թուղթի վրայ ձայնագրուած ձայնանիշերը հայ գեղջուկին, հայ մամիկին, սիրահարին, պանդուխտին, մեկ խօսքով՝ Հայ մարդուն:
Նոյնքան յաջող էր լարային քառեակը՝ Ալեքսանտր Քալման, Տիմիթրի Օլեւսքի, Ճոնաթան Մոէրչէլ եւ Գարիկ Թերզեան, ինչպէս նաեւ Ճիլ Ֆէլպըրը՝ սրինգ եւ Էլի Չոթը՝ տաւիղ: Իսկ Ֆրեզնոյէն ժամանաց 16 արուեստագէտներէ բաղկացած երգչախումբը պարզապէս բացառիկ էր (խմբավար Աննա Համր): Ե՛ւ նուագախումբը ե՛ւ երգչախումբը տարբեր երգերու ընթացքին ձանյակցեցան երգչուհիին, երբեմն ալ հանդէս գալով առանձին ելոյթներով:
Իսկ երգացանկը շատ ճոպ էր իր բամազանութեամբ: Հոգեւորը, ժողովրդականը, սիրայինը, մանկականը…բոլորը այնպէս մը միահիւսած էր Պայրագտարեան, որ նման էր “համտեսելու” միայն…: Ամէն անգամ երբ անջատուած կը խորանայիր, կապրէիր երգը, միտքով կը հանսէիր գեղջուկին, սիրահարին կամ փոքրիկ մանկիկին…բուռն ծափահարութիւնները կը վերադարձնէին քեզ իրական կեանքին: Կարծէք, Համաստեղին Կար Ամուն ըլլայինք, ինչպէս որ ինք ամերիկեան կեանքին մէջ ինկած, ցորենի հասկերուն մէջ կիսաքուն պառկած՝ կը յիշէր իր տունը հայրենի, իւրաքանչիւր ցորենի հատիկի փթթումին ձայնը, զինք կը տանէր Արեւմտեան Հայաստան… մենք նոյն այդ պահը կ’ապրէինք այդ երեկոյ, երբ կոմիտասեան երգին տակ Իզապէլ մեզ կը տանէր Կեսարիա եւ Թոմարզա, Էրզրում եւ Վան, Քէօթահիա եւ Պոլիս…
Երգացանկէն յիշենք “Ախ Մարալ ջան”, “Չինար ես”, “Լէ լե եաման”, “Կուժն առայ”, “Հոյ նազան”, “Հաբրբան”, “Գարուն ա”, “Կռունկ”, “Ծիրանի ծառ”, “Շողեր ջան”, “Կաքաւիկ, “Ծիծեռնակ”, “Մանուկներու Հայր մեր”…
Համերգին բացումը կատարեց Զուարթնոց մշակութային յանձնախումբի ատենապետ Տոքթ. Սիմոն Սիմոնեան, իսկ փակման խօսքով ելոյթ ունեցամ Գերաշնորհ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան, Առաջնորդ Հիւս. Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի: Անոնք բարձր գնահատեցին Իզապել Պայրագտարեանի արուեստը եւ շնորհակալութիւն յայտնեցին նման բարձրամակարդակ ծրագիրին համար: Մեներգչուհին, նոյնպէս, համերգի աւարտին շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդարանին եւ երեկոն փակուեցաւ “Հայր մեր”-ով:
Կը շնորհաւորենք “Զուարթնոց” մշակութային յանձնախումբի բոլոր անդամները: Դուք ձեզ գերազանցեցիք այս անգամ, ներկայ բազմահարիւր ներկաներուն պարգեւելով նիւթականէն շատ աւելի թանկ բան մը՝ կեանքին քաղցրութիւնը…կոմիտասեան ժառանգութեամբ ու Պայրագտարեանին ճամբով: