Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդարանին կազմակերպութեամբ, Չորեքշաբթի, 20 Փետրուարին, «Համբար» դահլիճին մէջ, տեղի ունեցաւ իր տեսակին մէջ եզակի հանդիսութիւն մը, նուիրուած Եզնիկ Բալիկի (Բալայեան) «Առակներ» խորագրուած հատորին։ Ինչո՞ւ եզակի, որովհետեւ այսօր արեւմտահայերէնով նոր առակներ չունինք, որովհետեւ նոր առակագիրներ չունինք... Այս իմաստով, Եզնիկ Բալիկին նորատիպը, որ մասամբ կը բաղկանայ նախորդ հատորէն կատարուած արտատպումներէ եւ մասամբ մըն ալ նոր թերթերու մէջ ցրուած եւ անտիպ առակներէ, մնայուն արժէք ունեցող ստեղծագործութիւններ են, ուր կենդանիներու պատեանին տակ, դիմակին տակ, մենք ենք՝ մարդը, իր լաւով եւ ցաւով, բարութեամբ թէ չարութեամբ։
Գիրքին մեկենասն է «Նոր Կեանք» շաբաթաթերթի արտօնատէր եւ խմբագիր Պրն. Գրիգոր Շէնեան, նուիրելով այս հատորը իր հանգուցեալ տիկնոջ՝ Արշօ Շէնեանին, որ երկար տարիներ վարչական պատասխանատուն էր եղած էր այդ թերթին։ Այսօր Արշոն չկայ, «Նոր Կեանք»ը՝ նոյնպէս, սակայն Պրն. Շէնեան, որ անցեալին քաջալերած եւ միշտ տեղ տուած էր Եզնիկ Բալիկին առակներուն, այս հատորով 41-ի բարձրացուց «Նոր Կեանք» մատենաշարին թիւը։ Դժբախտաբար, առողջական պատճառներով Պրն. Շէնեան չկրցաւ ներկայ գտնուիլ եւ փոխանցել իր խօսքը այս առիթով։
Հանդիսավարուհի Տիկ. Սեւան Տէր Պետրոսեան,– ՀԲԸՄ-ի Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի հայերէնի ուսուցչուհի,– խնամքով վարեց երեկոն, ուր Սան Ֆրանսիսքոյէն հրաւիրուած էր գիրքին հեղինակը՝ Տէր եւ Տիկ. Եզնիկ եւ Քնար Բալայեանները, իսկ իրենց ներկայութեամբ հանդիսութիւնը կը պատուէին Առաջնորդ Սրբազան հայրը՝ Գերշ. Տէր Յովնան Արք. Տէրտէրեան, արժանապատիւ հայրեր՝ Տէր Մանուկ աւագ Քհնյ. Մարգարեան եւ Տէր Խաժակ Քհնյ. Շահբազեան, մտաւորականներու հոյլ մը, ինչպէս նաեւ ընթերցասէր ու մշակութասէր հայրենակիցներ, Եզնիկ Բալիկի բարեկամներ, հարազատներ։
Գիրքը ներկայացուց «Նոր Օր»ի խմբագիր, ՀԲԸՄ-ի Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի հայերէնի բաժանմունքի վարիչ Հրաչ Սեփեթճեան։ Ան ի միջի այլոց ըսաւ. «Շնորհքը ի վերուստ կու գայ, սակայն առանց աշխատանքի, այդ շնորհքը ոչինչ կրնայ ընել։ Այսօրուան մեծարեալը օժտուած է ստեղծագործելու, բան ստեղծելու շնորհքով, երեւակայութեան մեծ մտահորիզոնով, լեզուին՝ հայոց լեզուին հանդէպ անմնացորդ սէրով, վանկերու եւ յանգերու հետ իր խաղով, ես՝ պարով պիտի ըսէի նաեւ։ Կարճ՝ գետը գտած էր իր ճամբան։ Արտայայտուելու ամէնէն գեղեցիկ, հաճելի, օգտաշատ եւ դաստիարակիչ ճամբան է առակագրութիւնը, որ քիչերու տրուած է։ Սփիւռքի մէջ այդ քիչերէն է Եզնիկ Բալիկ, որ կը շարունակէ նոյն խանդավառութեամբ մտածել, խօսիլ, արտայայտուիլ, գրել, այնպէս որ, կը սպասենք, որ այս հատորը ունենայ իր յաջորդը, մանաւանդ, որ առակն ու անոր պատգամը մնայուն հաստատումներ են եւ դժբախտաբար, մարդը մարդ կը մնայ՝ մեծատառ թէ փոքրատառ, տարիներու եւ դարերու թաւալքին տակ. ան սմսեղուկ է եւ պնակալէզ, նոյն ատեն յարգալից եւ ազնիւ, չար է ու բարի, վախկոտ է եւ քաջ, անտարբեր է եւ հակառակը, եւ այսպէս շարունակ։ Այնպէս որ, Եզնիկ Բալիկին հերոսը Մարդն է, մեծատառ թէ փոքրատառ, իր պատեանին մէջ քաշուած, թէ մարդկութեան բացուած, իր բոլոր յոռի թէ օրինակելի կերպարներով։
...Մենք համով հոտով կը կարդանք, կը ծիծաղինք ու կ՚անցնինք յաճախ... առանց մենք մեզ տեսնելու հոն։ Հոս է Եզնիկ Բալիկին դեղամիջոցը, որպէսզի մենք ալ, բոլոր ընթերցողները, այստեղ բոլոր ներկաներս, երբ կը տարուինք մեր աշխատանքին մէջ, նաեւ կը թերանանք, սխալներ կ՚արձանագրենք։
Ան ոչ միայն ծանօթ է հայերէնին, անոր բառապաշարին, այլեւ՝ գիտէ ճիշդ տեղը գործածել այդ բառերը, յարմարցնել, զարդարել, ամբողջացնել այնպիսի հոմանիշներով, ածականներով, մակբայներով, մէկ-մէկ ալ ստեղծելով նոր բառակապակցութիւններ, նոր բայակերտումներ... հարստացնելով մեր գեղեցիկ հայերէնը։
Արեւմտահայ ժամանակակից գրականութեան մէջ ան դժբաժտաբար գրեթէ առանձին է այսօր։ Անոր հիւմըրի զգացողութիւնը, սեւը ճերմակօրէն ըսելու տաղանդը, սուր ճմճիկները կու գան ապացուցելու, որ այս մարդուն մէջ ՍԷՐ կայ, մեծ սէր ու յարգանք կեանքին հանդէպ։ Ան ոչ թէ կը նսեմացնէ չարը, սխալը, եւ վերջ, այլ՝ կ՚օգնէ, որ ան բարձրանայ իր ոչնչութենէն, դառնայ մարդ եւ ինչու չէ՝ մեծատառ մարդ»։
Հանդիսութեան ընթացքին Տէր Պետրոսեան եւ Սեփեթճեան ընթերցեցին առակներէն ըտնրանի մը։ Գեղարուեստական մասը նոյնքան յաջող էր։ «Պետրոսեան եռեակը»՝ մայր, դուստր եւ որդի՝ Լորա Օսպըրն, Լիլի եւ Տարօն Պետրոսեաններ հմայեցին ներկաները տարբեր նուագարաններու վրայ հրամցնելով հայ թէ օտար հեղինակներու ստեղծագործութիւններ։ Սրինգ, դաշնամուր, փող, կիթար եւ թմբուկ։ Եզակի երեկոյ մը՝ նաեւ այդ առումով։ Կը շնորհաւորենք փայլուն ապագայ խոստացող քոյր-եղբայր Պետրոսեանները։
Պահն էր շնորհակալական խօսքի։ Եզնիկ Բալիկ, աւազանի անունով Տիգրան, ծնած է Պէյրութ, կրթութիւնը ստացած է Անթիլիասի Դպրեվանքին մէջ, ձեռնադրուած է վարդապետ, վարած է բազմաթիւ պաշտօններ Լիբանանի մէջ, ութ տարիներ եղած է Վենեզուելայի հոգեւոր հովիւը։ Ապա, դուրս գալով հոգեւորականութենէ, պսակուած է Քնար Գարակէօզեանի հետ։ Գաղթելով Միացեալ Նահանգներ, մինչեւ այսօր կ՚ապրի եւ կը ստեղծագործէ Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ։
Ան շնորհակալական խօսքը փոխանցելէ ետք հանդիսութեան կազմակերպիչներուն եւ մասնակիցներուն, սրտաշարժ ելոյթ մը ունեցաւ, կարեւորելով մայրենի լեզուին գործածութիւնը սփիւռքի տարածքին՝ որպէս հայ մնալու ամենակարեւոր նախապայման։ Անոր խօսքը հատու էր, մերթ՝ խիստ, մերթ՝ ժուժկալ, սակայն եւ այնպէս կու գար սրտին խորերէն։ Եզնիկ Բալիկին պոռթկումը տեղին էր, ի տես ամերիկահայ նոր սերունդներուն նուազող հայախօսութեան։
Աւարտին, Գերաշնորհ Տէր Յովնան արքեպիսկոպոս Տէրտէրեան բարձրօրէն գնահատեց Եզնիկ Բալիկին գրական աշխատանքը, արժեւորեց առակագրութեան դերը հայ գրականութենէն ներս եւ նորանոր յաջողութիւններ մաղթեց հեղինակին։
Հանդիսութիւնը փակուեցաւ գինեձօնի արարողութեամբ, որմէ ետք Եզնիկ Բալիկ մակագրեց հատորէն օրինակներ։
Շնորհակալութիւն հիւրասիրութիւնը կազմակերպող Առաջնորդարանի Տիկնանց յանձնախումբին, գլխաւորութեամբ Տիկ. Անժելա Բարսեղեանի, ինչպէս նաեւ Առաջնորդարանի գրադարանավար Պրն. Հայկ Մադոյեանին, որոնք տարած էին անթերիօրէն կազմակերպած էին բոլոր աշխատանքները։
Օրինակելի քայլով մը, Եզնիկ Բալիկին սիրայօժար «Նոր Օր» շաբաթաթերթին բարգաւաճման ֆոնտին նուիրեց այդ երեկոյ «Առակներ» հատորէն հաւաքուած հասոյթը։
- Հրաչ Սեփեթճեան